2014-10-04 15:37:21

''Ալ կը բաւէ` պատերազմ եւ մարդկային իրաւունքներու խախտում’'` Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն ի սպաս ժողովի աւարտական յայտարարութիւնը


Շաբաթ, 4 հոկտեմբեր 2014-ին, վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կամքով, 2 – 4 Հոկտեմբեր 2014, Վատիկանի մէջ գումարուած մերձաւոր արեւելքի երկիրներուն մէջ գործող առաքելական նուիրակներու եւ Հռոմի Քուրիայի վերին վարչութեան պատասխանատուներուն ժողովը որուն գլխաւոր նիւթը հանդիսացաւ ''Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու գոյատեւման հարցը''։
Ժողովին մասնակցեցան Եգիպտոսի, Իսրայէլի, Երուսաղէմ/Պաղեստինի, Յորդանան/Իրաքի, Լիբանանի, Սուրիայի եւ Թուրքիոյ առաքելական նուիրակները ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի եւ Եւրոմիութեան մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտերը, մինչ Հռոմի Քուրիայէն կը մասնակցին Վատիկանի Պետքարտուղարի գլխաւորութեամբ, անոր փոխանորդը, ենթաքարտուղարը, եւ Վատիկանի արտգործ նախարարը, ապա Ժողովուրդներու աւետարանացումի Ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին, որ վերջերս Իրաք մեկնած էր որպէս Քահանայապետի յատուկ պատուիրակ, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի, միջ կրօնական երկխօսութեան, քրիստոնեաներու միութեան, խաղաղութիւն եւ արդարութիւն, գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներու հովուական խնամակալութեան քահանայապետական խորհուրդներու պատասխանատուները եւ Քոր Ունում - մէկ սիրտ - քահանայապետական բարեսիրական հաստատութեան անդամները։
Ժողովին աւարտին հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ ժողովականները իրենց մօտիկութիւնը յայտնեցին Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Պատրիարքներուն, հովիւներուն, քրիստոնեայ հաւատացեալներուն եւ այլ փոքրամասնութիւններուն, ապահովեցնելով իրենց ու համայն Եկեղեցւոյ աղօթքները, միեւնոյն ատեն շեշտեցին անհրաժեշտութիւնը ամէն ջանք թափելու, ընդառաջելու համար չարչարուած ու հալածուած անձերու կարիքներուն, այնպէս ինչպէս բազմաթիւ անգամներ խնդրած է նաեւ Սրբազան Քահանայապետը։
Ժողովական հայրերը ապա կոչ ուղղեցին բռնութիւններու դադրեցումին եւ հրամայական նկատեցին վերջ տալ պատերազմներուն որոնք բազմաթիւ զոհեր եւ աւերներ գործեցին։
Ժողովական հայրերը դատապարտեցին մարդկային իրաւունքներու խախտումները ինչպէս նաեւ ապօրինի զինավաճառը եւ քննարկելէ ետք մարդկայնական ողբալի իրավիճակը ընդգծեցին հարկաւորութիւնը` բոլորին անխտիր ապահովացնելու առողջապահական հոգատարութիւնը։
Ժողովականները դատապարտեցին ծայրայեղ խմբակներու գործած բռնութիւնները, յատկապէս այսպէս կոչուած ''Իսլամ Պետութիւնը'' ու անոր գործած ահաբեկչական արարքները, շեշտելով թէ ''միջազգային հասարակութիւնը չի կրնար լուր եւ անշարժ մնալ մարդկային կոտորածի դիմաց եւ թէ միջազգային օրէնքը յարգելով հարկաւոր է կասեցնել անարդար բռնաբարը, ոչ միայն զինուորական ուժի կիրարկումով, այլ քննարկելով իրողութեան դրդապատճառները։ Այս առընչութեամբ հարկաւոր կը նկատուի կրօնական պատասխանատուներու դերի կարեւորութիւնը, յաղթահարելու ծայրայեղութիւնը, զարգացնելով կրօնական երկխօսութիւն ու բոլորին միջեւ համագործակցութիւն, հասարակաց բարիքին ի սպաս։ Ժողովականները անդրադարձան նաեւ զանգուածային գաղթականութեան հարցին ու քաղաքացիներուն իրաւունքին լիիրաւ կերպով ապրելու իրենց պապենական հողերուն վրայ, ազատ ու բարի ապագայի հեռանկարներով։ Այս առընչութեամբ կոչ ուղղեցին միջազգային հասարակուեան եւ իշխանութիւններուն պաշտպան հանդիսանալու սպառնալիքի տակ գտնուող կեանքի հիմնական արժէքներուն, մարդկային արժանապատւութեան եւ կրօնական ազատութեան, եւ ապահովելու ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ ու ներդաշնակ համակեցութիւն մը։
Կարելի չէ մտածել Միջին Արեւելք մը առանց Քրիստոնեաներուն, որոնք երկու հազար տարիներէ կը դաւանին Յիսուսին Անունը։ Անոնք կ՛ուզեն շարունակել սատարել ընկերութեան բարիքին, որպէս լիիրաւ իրաւունքով քաղաքացիներ, ընկերային, մշակութային եւ կրօնական կեանքէն ներս։ Անոնք հիմնական դեր մը ունին, որպէս խաղաղութեան, հաշտութեան եւ զարգացումի շինարարներ – հաստատեցին ժողովական հայրերը, այս ուղղութեամբ ընդգծելով աշխարհականներու պատշաճ կազմաւորումի անհրաժեշտութիւնր, ընկերային եւ քաղաքական կեանքէն ներս անոնց գործունէութեան ի շահ։








All the contents on this site are copyrighted ©.